2016-01-27 09:56:00

Մարոնի առաջնորդ` ''Արեւելքի քրիստոնեաները ապրելու են իսլամութեան շուքին տակ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի մարոնի առաջնորդ գերապայծառ Սամիր Նասսարին գնահատումով. ''Արեւելքի քրիստոնեաները Միջին Արեւելքին մէջ գոյատեւելու համար ունին միակ լուծում մը. վերապրիլ իսլամութեան շուքին տակ''։ Դամասկոսի առաջնորդը այս յայտարարութիւնը կատարած է Զուիցերիոյ Անեսի քաղաքին մէջ, ֆրանսախօս կաթողիկէ աւելի քան 250 լրագրողներուն տուած դասախօսութեան մը ընթացքին ։ Ան մատնանշած է որ իսլամութիւնը, այսօր, կարող չէ յարելու արդի արեւմուտքի արժէքներուն` այսինքն ազատութեան, հաւասարութեան ու եղբայրակցութեան արժէքներուն։

Գերապայծառ Նասսար որ վերապրած է երկու պատերազմներուն. Լիբանանի 1980ական տարիներուն ու Սուրիոյ 5 կործանարար պատերազմին, այլ լուծում չի գտներ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն համար եթէ ոչ ստորադասութիւնը իսլամ մեծամասնութեան։

Գերապայծառ Նասսար ընդգծեց որ իսլամները պատրաստ չեն ընդունելու մարդու իրաւունքի արժէքները` ազատութեան, հաւասարութեան ու եղբայրակցութեան։ Ով որ պատրաստ չէ ընդունելու այս իրավիճակը ̦ թող պատրաստուի երկրէն գաղթելու - ըսած է Ան։

Սուրիոյ 13 համայնքներու պատասխանատուները կոչ ուղղած են առաջին` աւելի համերաշխութեամբ իրարու հետ համագործակցելու։ Երկրորդ կարելիութիւն տալ աշխարհականներուն Աւետարանը քարոզելու։ Երրորդ` լուրջ երկխօսութիւն հաստատել իսլամներու հետ։ Չորրորդ` զարկ տալ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուսուցումին բարեզարդելու նպատակով Միջին Արեւելքի Եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.